Աղթամարի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ Մկրտութիւն` 100 Տարուան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով
Վանայ Լիճի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ 8 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ տարեկան պատարագ:
Վկայակոչելով թրքական Haberler.com կայքէջը` «Արմենփրես» հաղորդեց, որ պատարագը, որ տեւած
է շուրջ 2 ժամ, գլխաւորած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեանը: Արարողութեան
մասնակցած են շուրջ 800 հայեր: Հայոց ցեղասպանութենէն ետք վերջին 100 տարիներուն ընթացքին
առաջին անգամ ըլլալով Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած է մկրտութիւն, որուն ժամանակ մկտրուած
են 6 հայեր: Խօսելով մկրտութիւն իրականացնելու մասին` Աթեշեան սրբազան նշեց, որ այսպիսի
ձեւով մկրտուածները վերադարձած են սեփական ինքնութեան եւ հայկական եկեղեցւոյ: «Այսօր
այստեղ մկրտութիւն կատարեցինք: Մեզի համար այս տօնը ոչ մէկ ձեւով կ՛ընկալուի իբրեւ քաղաքական,
տնտեսական, զինուորական կամ ազգային յաղթանակ: Ասիկա վերադարձն էր այն կրօնական սուրբ
արժէքներուն, որոնք ժամանակ մը կորուստի մատնուած էին: Այստեղ` Վանայ լիճի պատմական կղզիին
մէջ իրականացուած արարողութեան իմաստը այս էր», յայտարարած է Աթեշեան սրբազան: Մկրտութենէն
ետք պատարագին մասնակիցները միասին աղօթած են եկեղեցւոյ բակին մէջ, ապա հեռացած են կղզիէն: 8
սեպտեմբերին Սուրբ Խաչին մէջ մէջ կատարուած պատարագը չորրորդն էր 2007 թուականին եկեղեցւոյ
վերանորոգումէն ի վեր: Խումբ մը թուրքեր եւ ազրպէյճանցիներ փորձեցին խանգարել մատուցուած
տարեկան պատարագը: Թուրքիոյ մէջ գործող հակահայկական յայտնի «Ասիմտեր» կազմակերպութեան
անդամները ժամանած էին Վանայ լիճ եւ հակահայկական յայտարարութիւն կատարած: Ներկայացուցիչներէն
մէկը, կրկնելով թրքական քարոզչամեքենայի յօրինած սուտը, յայտարարեց, որ «Վանի մէջ 1915
թուականին հայերը մեծ թիւով մահմետականներ կոտորած են»: Անոնք արարողութեան աւարտին մեխակներ
նետած են Վանայ լիճին մէջ, ապա նաեւ այրած զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի լուսանկարները: